2015-05-13 09:47:00

Հռոմի մէջ Ազգային 11-րդ ուխտագնացութեան օր` Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնին առթիւ։


Չորեքշաբթի, 13 մայիսին կը նշուի Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնը։

Այս առթիւ, Հռոմի մէջ տեղի կ՝ունենայ  Ազգային ուխտագնացութեան օր, կազմակերպութեամբ ''ORP – ուխտագնացութեամբ զբաղող եկեղեցական հաստատութեան՝՝։ Այս ծիրէն ներս,  Հռոմի՝ Երուսաղեմի Սուրբ Խաչ անուան տաճարին մէջ, յետմիջօրէին ժամը 2.00ին,   հանդիսաւոր արարողութեամբ  կը հիւրընկալուի Ֆաթիմայի Տիրամօր ուխտագնացութեան արձանը որ յաջորդաբար  թափօրով կը փոխադրուի Սան Ճիովաննի ին Լաէթրնանօ տաճար, ուր՝ Հռոմի թեմի տեղակալ`  կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին կը մատուցանէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։

 Յայտնենք, թէ Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնին առթիւ, Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Տիրամօր արձան մը զետեղուեցաւ նաեւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, նախաձեռնութեամբ անկարներով զբաղող Unitalsi բարեսիրական հաստատութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.